Τρίτη 3 Ιουλίου 2012

Վերջին օծում, յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգ Վարագ Աւ. քհնյ. Յովսէփեանի

Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հանգուցեալ հոգեւոր հայր Տ. Վարագ Աւ. քհնյ. Յովսէփեանի վերջին օծումն ու թաղման կարգը տեղի ունեցան երէկ Երեքշաբթի 19 Յունիս 2012ին, երկար տարիներու ընթացքին իր ծառայութիւնը մատուցած՝ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, իր հարազատներու եւ հաւատացեալներու շատ մեծ թիւի մը ներկայութեամբ։
Հանգուցեալ հոգեւոր հօր դագաղին շուրջ պատուոյ պահակներ կանգնած էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի տարազաւոր աստիճանաւորները։
Եկեղեցական թաղման յատուկ կարգին հովանաւորեց եւ հանդիսապետեց թեմիս առաջնորդ Գերշ. Խորէն եպս. Տողրամաճեան, մասնակցութեամբ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Սահակ վրդ. Եմիշեանի, Աթէնքի հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի եւ սարկաւագներու։ Պատարագը մատուցեց Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հայր Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեանը։ Արարողութեան աղօթակից եւ մասնակից էին Էջմիածնական թեմի կողմէ Տ. Խորէն վրդ. Առաքելեան եւ Լոնտոնէն հիւրաբար Աթէնք գտնուող հայր Գարեգին վարդապետը, ինչպէս եւ հայ աւետարանական համայնքի վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանը եւ հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Տ. Ռաֆայէլ քհնյ. Շէֆիքեանը։
Ներկայ էին Նիքէայի քաղաքապետ Եորղոս Իոաքիմիտիս, երեսփոխան Անասթասիոս Ներանծիս եւ Նիքէայի մետրոպոլիտ Ալեքսիոսի ներկայացուցիչ հոգեւոր հայրը։
Սգակիրներու կարգին էին Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեանը եւ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեանը, Յունահայոց Ազգային Վարչութեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի, Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի, ինչպէս նաեւ Ուսումնական եւ Տնտեսական Խորհուրդներու, շրջաններու Հ.Յ.դ. կոմիտէներու, թաղականութեանց եւ տիկնանց մարմիններու եւ միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչները։
Սաղմոսներու ընթերցանութեամբ եւ յատուկ մեղեդիներու երգեցողութեամբ կատարուեցաւ արարողութիւնը։ Սուրբ խորանին վրայ զետեղուած էր դագաղը. առաջնորդ սրբազան հայրը օրհնելէ ետք սուրբ միւռոնը՝ օծեց վախճանեալ քահանայի ճակատն ու աջ ձեռքը, ապա չորս շարականներու երգեցողութեամբ դագաղը դարձուեցաւ չորս ուղղութեամբ՝ Արեւելք-Արեւմուտք-Հարաւ-Հիւսիս։
Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեան դամբանական խօսքը ուղղելով, անդրադարձաւ լուսահոգի հօր կենսագրական տուեալներուն, վեր առնելով հայ հոգեւորականի իր արժանիքները, նուիրումի հարուստ կեանքն ու ծառայասէր համեստ անձնաւորութիւնը։ Առաջնորդ սրբազան հայրը նշեց, թէ այսօր յունահայ գաղութը եւ հայց. եկեղեցին սուգի մէջ է, որովհետեւ յաւէտ կը բաժնուի եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին նուիրեալ եւ հարազատ մէկ զաւակէն։ Հանգուցեալ հօր կեանքի երեք հանգրուանները նշելով, ան անդրադարձաւ աշխարհական իր կեանքի օրերուն, ապա հոգեւոր իր կոչումէն ետք՝ Աթէնքի եւ Գոքինիոյ շրջաններուն մէջ ծառայութեան տարիներուն։ Առաջնորդը ըսաւ, որ հանգուցեալը ակնածանք առթող անհատ, նուիրեալ հոգեւորական եւ փայլուն մտաւորական մըն էր, որ հաղորդակից ու կարեկից էր բոլորին։ Ան ներկայութիւն դարձաւ միութիւններու, վարչութիւններու, հայկական ընտանիքներու, հայ աշակերտներուն եւ ծերանոցին մէջ հայ պատըսպարեալներու կողքին։
Հանգուցեալ քահանայ հայրը իր հոգեւոր ծառայութեան կողքին, հմուտ դասախօս մըն էր ու շնորհալի գրող, որ իր ծառայութիւնը անսակարկօրէն մատուցեց բոլորին։
Դամբանական խօսքէն ետք, «Ողջոյն»ի երգեցողութեամբ, առաջնորդ սրբազան հայրն ու կրօնական դասը հերթաբար վերջին հրաժեշտը տուին՝ համբուրելով վախճանեալ քահանայի ճակատն ու աջ ձեռքը։
Թեմակալ առաջնորդը ցաւակցութիւններ փոխանցեց զոյգ կաթողիկոսներու, միաբանութեանց,  յարանուանութեանց եւ բոլորի անունով։
Պատարագի արարողութեան ընթացքին երգեցողութիւնը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ Քերովբէ Էքիզեանի։
Վերջին օծման եւ թաղման կարգի արարողութիւններով վերջին հրաժեշտը տրուեցաւ հոգելոյս քահանայ հօր՝ իր ընտանիքին, եկեղեցւոյ, հոգեւոր դասուն եւ ժողովուրդին կողմէ։
Թափօրով եւ շարականի երգեցողութեամբ տէր հօր մարմինը առաջնորդուեցաւ դէպի Գ. գերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը։ Ծաղկեպսակներ ուղարկուած էին ընտանիքի, ՀՀ դեսպանութեան, թաղականութեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի, Հ. Կ. Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Գոքինիոյ մասնաճիւղերէն, Համազգայինի եւ ՀՅԴ Երիտասարդական Մի-ութեան կողմէ: Ծաղկեպսակ ուղարկած էր նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վալանսի մասնաճիւղը:
Երկնային հանգիստ՝ Տէր Վարագի յոգնաբեկ աճիւններուն։

Δεν υπάρχουν σχόλια:

Δημοσίευση σχολίου